Քեսաբի Ժողովրդական խաղերը
Այս տօներու կողքին, կային նաեւ հին սովորութիւններ, որոնցմէ կրնանք յիշել "Չըմչը-Կելըն"ը:
Խումբ-խումբ երիտասարդներ կը հաւաքուէին տուներու առջեւ, իրենց ձեռքը ունենալով փայտի երկար կտոր մը, որուն վրայ անցուցած կ'ըլլային լաթ մը եւ ձեւացուցած կ'ըլլային զայն իբր խրտուիլակ: Այս Երիտասարդները կ'երգէին մի քանի տողնոց յատուկ երգ մը եւ տանտէրը այդ փայտին վրայ կը թափէր գաւաթ մը ջուր:
Այս ձեւով անոնք կը հաւատային թէ անձրեւ պիտի գայ: Ամէն անգամ որ անձրեւ չէր գար, անոնք այս սովորութիւնը կը կատարէին եւ շատ յաճախ յաջորդ օրը անձրեւ կու գար: