Տեառնընդառաջի ավանդույթները Քեսաբում

Այս տօնին, եկեղեցւոյ բակը կը դիզուէիր փայտեր: Իւրաքանչիւր անձ անպայման փայտ բերած կ'ըլլար, որպէսզի խարոյկը մեծ ըլլար: 

Ժամերգութենէն ետք ժողովուրդը եկեղեցիէն դուրս կ'ելլէր խարոյկը այրելու, որ ընդհանրապէս նոր փեսաներու ձեռամբ կ'ըլլար: 

Նոր հարսերն ու փեսաները երեք անգամ խառոյկին շուրջ կը դառնային, ապա իւրաքանչիւր անձ ճիւղ մը կ'առնէր այդ կրակէն որ կը կոչուէր (խենծուխ): Այդ խենծուխէն պէտք է վառէին տան ճրագը եւ կրակը: Իսկ երիտասարդներ, կը ցատկէին մեղմացած կրակին վրայէն: