Շերամաբուծութիւնը քեսապի մէջ
Շերամաբուծութեան լաւագոյն եղանակը գարնան վերջն ու ամառուան սկիզբն է, երբ թթենիի տերեւները կը կանաչնան, որովհետեւ շերամի գլխաւոր կերը թթենիի տերեւներն են:
1900-ական թուականներէն ի վեր շերամաբուծութիւնը գոյութիւն ունէր քեսապի մէջ: Շերամը երբ խոզակի կը վերածուէր, Քեսապցիք խոզակէն ալ թել կը հանէին (մետաքս հիւսելու համար): Թելը երբ պատրաստուէր քաղաք կը ղրկուէր վաճառքի (Անտիոք եւ Լաթաքիա):
Սակայն ճարտարարուեստական յառաջդիմութեան եւ արուեստական մետաքս թելի ընդհանրացման հետեւանքով, պահանջքն ալ հետզհետէ նուազեցաւ: Պէտք եղած եկամուտը չձգելով, շերամաբուծութիւնն անհետացաւ 1960-ական թուականներուն:
Այդ ժամանակաշրջանին, թթենի ծառերն ալ խնամուած են վերոյիշեալ պատճառով. կ՛ըսուի թէ, այն տարիներուն երբ թթենին լաւ տերեւ չէ ունեցած, մինչեւ Օրտուէն թթենիի տերեւներ կը բերէին:
Շերամը կ՛ըլլայ խոզակ ապա «պիրսիմ», ա՛լ երբ պատրաստ կ՚ըլլայ թելը հանելու, յատուկ վարպետներ կային (Սուէտիայէն եկած), յատուկ գործիքով կը հանէին այդ թելը: Գործիքը Քեսապ կը պատրաստուէր Մատաթիա Կարպուշեանի նման արհեստաւորներու կողմէ, որ ճանչցուած էր ուսթա Մաթաթ անունով:
Պէտք է յիշել որ թել հանող վարպետները, փորձառութեան եւ ճաշակի տէր անձեր պէտք է ըլլային, որոնց կ՚օգնէին գիւղի զաւակները եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցէին այդ վարպետութիւնը: