Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Քեսաբում

15 Օգոստոսի ամենամօտ կիրակին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնն է: Եկեղեցիներուն մէջ պատարագէն ետք, խաղողը կ'օրհնուէր եւ ժողովուրդին կը բաժնուէր: Հաւատացեալները խաղող չէին ուտէր մինչեւ խաղողը չօրհնուէր: 

Այդ շաբթուան մէջ ծնած աղջիկներու անունները կ'ըլլային՝ Մարօ, Մարիամ, Մարի, Մարալ...: 

Սկիզբը, ուխտավայրը Պարլլումն էր, ուր ուխտաւորները կ'երթային իրենց ուխտը կատարելու: Ապա ուխտավայրը դարձաւ Էսկիւրանի սրբատեղին, որ կը գտնուի աղբիւրին մօտ եւ այդ օրուան ճաշը կ'ըլլար աւանդական Հերիսան՝ պատրաստուած մատաղի ոչխարներէն: Այժմ նոյն ձեւով կը պահուի այս տօնը: