Սուրբ Հակոբի օրը Քեսաբում
Դեկտեմբեր ամսուան երրորդ շաբաթ օրը, Ս. Յակոբի յիշատակումն է: Քեսապցիները այս տօնին անպայման աքլոր կը մորթէին եւ այդ աքլորով Հերիսա կը պատրաստէին: Ազգականներ ու բարեկամներ աքլոր մը առնելով կ'երթային այն տունը ուր Յակոբ մը կը գտնուէր:
Շաբաթ գիշեր գիւղին հրապարակը կը տանէին աքլորները որոնք կը մորթուէին հետաքրքրական ձեւով թաղի տղոց ձեռքով:
Այդ շրջանին, նաեւ որսի կ'ելլէին ու որսը առատ ըլլալու պարագային, իրարու տուն կ'այցելէին, խոռոված կը պատրաստէին ու գինի կը խմէին: