Կիլիկիան Հայաստանում գործածվող իրերը
Կրնանք յիշել գործածուած առարկաներէն խնոցի կուժը, ցախաւելը, քարէ սանտը (ցորեն ծեծելու համար), պաստեղ շինելու թիակ, սաճ՝ որուն վրայ հաց կ'եփուէր, կազով լապտեր, տախտակէ սնտուկ զգեստներու համար, կաւէ շինուած ամաններ՝ (Չանոգ, Քուփելիկ), որուն մէջ չորցուած ուտելիքներ ու պտուղներ կը դրուէր:
Ջրադդումը՝ (Գըրնիէպ), որ ունէր երկար կոթ մը ու ձմերուկի մեծութեամբ գլուխ, կը չորցնէին ու կը պարպէին եւ կը գործածէին իբր շերեփ: