Նոր Տարվա ավանդույթները Քեսաբում
Այս տօնին յատուկ պատրաստութիւններ տեղի կ'ունենային: Տանտիկինը անպայման պէտք է մաքրէր ծխնելոյզը, նաեւ կրակարանին չորս կողմը: Այդ գիշերուան համար յայտնի էին որոշ ուտելիքներ, ինչպէս չամիչ, չոր թուզ, պաստըղ... նաեւ պտուղներ՝ տանձ, նուռ, խնձոր...:
Քեսապցիներ ընդհանրապէս Նոր Տարուայ գիշերուան համար կը պատրաստէին որսի խոռոված:
Ազգականներ եւ դրացիներ զիրար կ'այցելէին:
Փոքրիկները տունէ տուն կը շրջէին իրենց դպրոցական կտաւէ պայուսակներով եւ կը ստանային չամիչ, խնձոր... իսկ մեծերն ալ կաղանդը շնորհաւորելու կ'երթային եւ իրարու կը փոխանցէին ձաւար, ալիւր, ձէթ...