Բարեկենդանը Քեսապցիներուն համար շատ ժողովրդական տօն մըն էր
Բարեկենդանը Քեսապցիներուն համար շատ ժողովրդական տօն մըն էր: Կարգ մը խաղեր տեղի կ'ունենային հրապարակին կամ տանիքներուն վրայ:
Բուն Բարեկենդանին, պատանիներ ու երիտասարդներ կը ծպտուէին տարբեր ձեւերով, կը մրոտէին երեսնին, նաեւ վիզերնին կ'անցնէին պարապ խխունջներով շինուած քանի մը վզնոցներ, որոնք իւրաքանչիւր շարժումի, ծնծղայի պէս կը հնչէին եւ հաճոյք կը պատճառէին: